2015-09-19 10:07:00

Քուպան պատրաստ` ընդունելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդը`''Ողորմութեան առաքեալը''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ` 19 սեպտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը ժամանէ Քուպա­, հանդիսանալով Գ քահանայապետը որ քարայիպեան այս կղզին կ՛այցելէ որպէս ''ողորմութեան առաքեալ''։

Տեղական մամուլը, Քուպացի ժողովուրդին խանդավառութիւնը արտայայտելով, մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այս պատմական այցելութեան, սկսեալ Անոր Քուպացի ժողովուրդին յղած լսատեսողական պատգամէն, որ Քուպայի բոլոր հեռուստակայանները սփռեցին միաժամանակ։

Օրաթերթերը ապա իրենց առաջին էջերը նուիրած են Սուրբ Պետրոսի յաջորդին այցելութեան վերնագրելով` ''Ամէն ինչ պատրաստ է ընդունելու համար Քահանայապետը'' կամ  ''Բարի Եկար Ֆրանչիկսոս Պապ'' ու լայն անդրադարձներ կատարելով Սուրբ Աթոռի եւ Քուպայի միջեւ կայացած բարի յարաբերութիւններու մասին ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ վատիկանեան դիւանագիտութեան կարեւոր դերին ու աշխատանքին ի սպաս Քուպա-ԱՄՆ դիւանագիտական կապերու վերահաստատումին։

Քուպացիները արդարեւ կ՛ուզեն իրենց անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնել Սրբազան Պապին որուն այցելութիւնը ապա մեծ յոյս կը ներշնչէ նորանոր բարեփոխումներու ուղղութեամբ, կարծէք թէ կ՛իրականանայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետի մարգարէութիւնը որ ''Քուպան բացուի աշխարհին ու աշխարհը քուպային''։

Վերջին  այս տարիներուն Քուպայի Եկեղեցին, երկար տարիներու պաշտօնական ''անաստուած'' երկրի մը մէջ ապրելէ ետք, սկսած է վայելել որոշ ազատութիւններ, ու կարելիութիւն ունի նաեւ, լրատուական տեղեկութիւններ հրատարակելու, թէեւ այս մէկը կը մնայ անպաշտօն։ 

Քուպան եւ Քուպացի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տնտեսական մեծ տագնապ մը ու երկրի եկամուտի ամենակարեւոր ասպարէզը կը մնայ զբօսաշրջութիւնը,  երիտասարդութիւնը սակայն կը մտի հեռանալ երկրէն աշխատանքի եւ աւելի լաւ ապագայի փնտռտուքով, վերջին երեք ամիսներուն 50 հազր երիտասարդներ թողած են  երկիրը ու մեկնած դէպի Ամերիկա։

Այս կացութեան մէջ է որ Քուպա կը ժամանէ Ֆրանչիսկոս Պապը, ողորմութեան առաքեալը, մօտէն հանդիպելու քուպայի ժողովուրդին, անոնց տանելով Աստուծոյ սիրոյ պատգամը որ է քնքշութիւն եւ է նաեւ  արդարութիւն եւ ազատութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.